Հայրենի կրանտմասթըր` Արամ Յակոբեան, յաջող կերպով հանդէս եկաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած «SPICE Cup» ճատրակի միջազգային մրցաշարքին:
Առաւելագոյն 9 կէտէն 6 կէտ ապահովելով, ան բաժնեց 3-5-րդ դիրքերը քուպացի Լա Փրուզոն Պաթիսթայի եւ ամերիկացի Եունյեսքի Քեսատա Փերեսի հետ` անոնց նման արժանանալով 1500 ամերիկեան տոլար պարգեւավճարի:
Ան 1,5 կէտով ետ մնաց տիտղոսին տիրացած ուքրանացի կրանտմասթըր Իլիա Նիժնիքէն:
Նշենք, որ Յակոբեան մրցաշարքին սկսաւ յաջորդական երեք յաղթանակով, իսկ ընդհանուր առմամբ արձանագրեց չորս յաղթանակ: Ան նոյնքան մրցում աւարտեց հաւասարութեամբ, իսկ իր միակ պարտութիւնը կրեց հունգարացի Պենժամին Կլետուրայէն: