Հաղորդած էինք, որ անցնող օրերուն Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու հրաժարեցաւ նախագահի իր պաշտօնէն:
Ակումբին ղեկավարութիւնը, ընդունելով անոր հրաժարականը, յայտնեց, թէ Քարլես Թուսքուեթց նշանակուեցաւ նախագահի պաշտօնակատար: Յայտնենք, որ մինչ այդ ան քաթալոնիական ակումբին տնտեսական խորհուրդի նախագահն էր:
Ասկէ բացի ստեղծուեցաւ նոր յանձնախումբ մը, որ երեք ամսուան ընթացքին պիտի զբաղի ակումբին տնօրէններու խորհուրդի նոր անդամներու ընտրութեամբ:
Նախագահին հրաժարականին յաջորդող 90 օրերուն ընթացքին պէտք է կատարուին նոր նախագահի ընտրութիւնները: