Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, որ «Եւրոպայի-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ հիւրընկալեց պուլկարական Սոֆիայի Բանակայինները, չկրցաւ յաղթանակ մը արձանագրել անոր դէմ` կորսնցնելով երկու կէտ:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ ճերմակ հաւասարութեամբ:
Հիւրընկալ կազմէն իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան: Ան Բ. կիսախաղին սկիզբը փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Ա. խմբակին մաս կազմող իտալական կազմը, Բ. հանգրուանի մրցումներէն ետք ապահոված է չորս կէտ: