Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ, իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան դարձեալ դատապարտեց Արցախի եւ Հայաստանի վրայ կատարուած թուրք-ազրպէյճանական վայրագ յարձակումները` միջազգային հանրութեան կոչ ուղղելով ճանչնալու Արցախի Հանրապետութիւնը:
«Տագնապի սրման, ինչպէս նաեւ հայ անմեղ անձերը շարունակաբար թիրախ դարձնելու եւ անոնց ֆիզիքական ոչնչացումի սպառնալիքներուն ի տես, միջազգային հանրութեան կոչ կ՛ուղղենք ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը եւ անոր ինքնորոշման իրաւունքը», ըսաւ Մխիթարեան:



