Հայաստանի կռփամարտի բազմակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու մասնակից Ժիրայր Սարգսեան, հայ ազատամարտիկներուն հետ կը գտնուի ռազմաճակատին վրայ եւ անոնց հետ միասին գտնուելով առաջնագիծին վրայ, կը պայքարի Արցախի եւ Ազրպէյճանի դէմ` շղթայազերծուած ազրպէյճանաթրքական նախայարձակումին դէմ, այս գծով յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
«Հայաստանի եւ Արցախի համար այս դժուար օրերուն, զէնքը ձեռքին իր հայրենիքը կը պաշտպանէ նաեւ Հայաստանի կռփամարտի բազմակի ախոյեան, եւրոպական խաղերու մասնակից Ժիրայր Սարգսեան: Ան հայ մարտիկներուն նման կը պայքարի թոյլ չտալու թշնամիին, որ տիրանայ հայկական հողերուն», նշուեցաւ Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: