Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա-Լիկա»-ի 8-րդ հանգրուանի մրցումները:
Երկրին գործող ախոյեանը` Ռէալ Մատրիտ, արձանագրեց տարեշրջանի իր 5-րդ յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իր հիւրը` Հուեսքան:
Յաղթական կազմէն տուպլէ մը իրագործեց ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա (45-րդ եւ 90-րդ), մինչ մէկական կոլ նշանակեցին Էտեն Հազար (40-րդ) եւ Ֆետերիքօ Վալվերտէ (54-րդ):
Նշենք, որ պելճիքացի Հազար Ռէալի հետ վերջին անգամ կոլ նշանակած էր 392 օր առաջ:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ռէալ Մատրիտ այժմ կը գտնուի երկրորդ դիրքին վրայ` կէտով մը միայն ետ մնալով պարագլուխի դիրքը գրաւող Ռէալ Սոսիետատէն, որ ունի 17 կէտ:
Սակայն երկրին փոխախոյեանը` Պարսելոնա, 1-1 արդիւնքով ոչ համոզիչ հաւասարութիւն մը արձանագրեց Ալաւեսի դաշտին վրայ: 63-րդ վայրկեանին ֆրանսացի Անթուան Կրիզման նշանակեց Պարսայի հաւասարութեան կոլը:
Պարսելոնայի համար ասիկա եղաւ ամէնէն վատ մեկնարկը` վերջին 18 տարիներուն ընթացքին:
Ռոնալտ Քէօմանի կազմը այժմ 8 կէտով կը գտնուի 12-րդ դիրքին վրայ:
Վերջին անգամ Պարսելոնա այսպիսի անյաջողութեան հասած էր 2002-2003 տարեշրջանին, իր գլխաւոր մարզիչին` Լուիս Վան Կաալի հետ: