Ինչպէս ծանօթ է, աշխարհի տարածքին հայերու կողմէ կը շարունակուին խաղաղ ցոյցերը, որպէսզի ապահովուի Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան միջազգային ճանաչումը:
Բնականաբար նոյնն է պարագան նաեւ ֆրանսահայութեան, որ կը պահանջէ Արցախի անկախութեան ճանաչումը:
Այս գծով յայտարարութիւն մը կատարեց երկար տարիներէ ի վեր Փարիզի մէջ բնակութիւն հաստատած, Եւրոպայի մէկ քայլ ոստումի ախոյեան եւ մրցանշակիր, Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպերթ Էմմիեան:
«Բոլորիս համար ալ մտահոգիչ է այն, ինչ որ կը կատարուի Արցախի մէջ: Բոլորս ալ կ’ուզենք պատերազմին դադրեցումը: Մեր կողմէ կատարուած խաղաղ ցոյցերով, Ֆրանսայէն եւ աշխարհի բոլոր երկիրներէն կը պահանջենք ամէն գնով ճանչնալ Արցախի անկախութիւնը: Մենք խաղաղութիւն կ’ուզենք եւ ոչ թէ պատերազմ», ըսաւ 55 տարեկան Էմմիեան: