«Եւրոպայի-Լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որ կը կատարուի խմբակներու դրութեամբ, գերմանական Հոֆընհայմ ֆութպոլի ակումբը, որ մաս կը կազմէ ԺԲ. խմբակին, արձանագրեց մրցաշարքի իր երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադառնալէ ետք Կենքի դաշտէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան մասնակցեցաւ իր կազմին արձանագրած այս յաղթանակին:
Ադամեան, որ նկատի առնուած էր իբրեւ պահեստի մարզիկ, 67-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ: