Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Դ. խմբակին մաս կազմող Լիվըրփուլ յաջողեցաւ արձանագրել իր յաջորդական երկրորդ յաղթանակը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` դանիական Միթյիլենտը:
Այս մրցումին Լիվըրփուլի նշանակած առաջին կոլը, փորթուգալցի միջնապահ Տիոկօ Մոթթայի կողմէ (55-րդ վայրկեանին): Ասիկա Լիվըրփուլի համար յոբելեանական կոլ մը եղաւ, նկատի ունենալով, որ եղաւ` անոր 10.000-րդը` բոլոր տեսակի մրցաշարքերուն ընթացքին:
Նշենք, որ Լիվըրփուլ իր պատմութեան առաջին կոլը նշանակեց սեպտեմբեր 1892-ին, Լինքաշիրի բաժակի մրցաշարքին` շնորհիւ Ճոքա Սմիթի: