Մարզական

Արոնեան. «Վերջին Օրերը Ամէնէն  Ցաւալին Էին Կեանքիս Մէջ»

Արոնեան. «Վերջին Օրերը Ամէնէն Ցաւալին Էին Կեանքիս Մէջ»

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան արագ ճատրակի ախոյեանութեան (Սփիտ Չես Չեմփիընշիփ) առցանց մրցաշարքին մէջ  տարած յաղթանակը նուիրեց արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին: «Վերջին օրերը ամէնէն ցաւալին էին իմ կեանքիս մէջ: Կը սգամ մեր ամբողջ ազգին հետ եւ կը խոնարհիմ մեր զոհերուն եւ իրենց ընտանիքներուն առջեւ: Նոյնպէս կը խոնարհիմ մեր մարտնչած  տղաներուն  առջեւ, որոնք  կը շարունակեն իրենց սուրբ գործը: Կ՛աղօթեմ եւ կը...

Փենալթիներ Ամէնէն Շատ Վրիպած Են  Մեսսին Ու Ռոնալտոն

Փենալթիներ Ամէնէն Շատ Վրիպած Են Մեսսին Ու Ռոնալտոն

Թրանսֆերմարքեթ ներկայացուց 21-րդ դարուն մէջ փենալթիներ ամէնէն շատ վրիպած ֆութպոլիստներու ցուցակը: Առաջին դիրքին վրայ է Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին, որ 27 անգամ փենալթին չէ կրցած կոլի վերածել: Անոր կը յաջորդէ Եուվենթուսի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նոյնպէս 27 անգամ, սակայն 35-ամեայ փորթուգալցիին վրիպումներու տոկոսը աւելի ցած է: Հնգեակին մէջ են իտալական Ա. Էս. Ռոմայի նախկին աստղ Ֆրանչեսքօ Թոթի եւ Ա. Սէ....

Մանչեսթըր Եունայթըտ Ռոնալտոյին  Առաջարկած Է Վերադառնալ

Մանչեսթըր Եունայթըտ Ռոնալտոյին Առաջարկած Է Վերադառնալ

Եուվենթուսի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ կրնայ վերադառնալ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ, որուն կազմին մէջ  խաղացած է 2003-2009 թուականներուն: Ըստ «Ֆոքս» լրատու գործակալութեան, անգլիական ակումբը  առաջարկ ներկայացուցած է 35-ամեայ ֆութպոլիստին: Ռոնալտօ կը քննարկէ առաջարկը: Եուվենթուս պատրաստ է բաժնուելու փորթուգալցիէն, եթէ ան կ՛ուզէ հեռանալ: Ռոնալտօ 2018-ի ամրան Ռէալ Մատրիտէն տեղափոխուած էր  Եուվենթուս, որուն հետ անոր պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 2022-ի ամառ:  Մանչեսթըր Եունայթըտի հետ...

Մխիթարեան. «Եւրոպայի Լիկայի Ամէնէն Արագ Կոլը` Հայաստանէն»

Մխիթարեան. «Եւրոպայի Լիկայի Ամէնէն Արագ Կոլը` Հայաստանէն»

Իտալական Ա. Էս. Ռոմայի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջատար Հենրիխ Մխիթարեան  մեկնաբանեց Եւրոպայի լիկայի խմբային փուլի երրորդ հանգրուանի` Քլուժի դէմ մրցումին նուաճած յաղթանակը: «Արդիւնաւէտ երեկոյ Ռոմայի համար: Եւրոպայի լիկայի ամէնէն արագ կոլը` Հայաստանէն», գրած է Մխիթարեան` «Ինսթակրամ»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ: Եւրոպայի լիկայի Ա. Խմբակին մէջ իտալական Ռոման իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով յաղթեց Քլուժին: Մրցումին հաշիւը առաջին վայրկեանին...

Լեպրոն Ճէյմսի Կոշտ Արձագանգը Միացեալ  Նահանգներու Պատմութեան Առաջին Սեւամորթ  Կին Փոխնախագահին Նշանակման

Լեպրոն Ճէյմսի Կոշտ Արձագանգը Միացեալ Նահանգներու Պատմութեան Առաջին Սեւամորթ Կին Փոխնախագահին Նշանակման

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի (Էն. Պի. Էյ.) գործող ախոյեան Լոս Անճելըս Լէյքըրզի աստղ Լեպրոն Ճէյմս անդրադարձաւ Քամիլա Հարիսի նշանակման` Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահի պաշտօնին: 56-ամեայ Հարիս Միացեալ Նահանգներու պատմութեան առաջին ափրիկեան ծագումով կին փոխնախագահն է: «Տիկին փոխնախագահը այս յետոյքներէն ետք: Թագուհի Հարիս», «Ինսթակրամ»-ին մէջ գրած է ամերիկացի պասքեթպոլիստը` հրապարակելով Քամիլա Հարիսի եւ Միացեալ Նահանգներու նախորդ փոխնախագահներու նկարները: Ճօ Պայտընի` Միացեալ Նահանգներու նախագահական...

Ռամոս Կրկնած Է Պիւֆոնի Մրցանիշը

Ռամոս Կրկնած Է Պիւֆոնի Մրցանիշը

Ֆութպոլի Սպանիոյ ազգային հաւաքականի խմբապետ  Սերխիօ Ռամոս, մասնակցելով Նետերլանտներու դէմ բարեկամական մրցումին, 176-րդ մրցումը կատարեց ազգային խումբի կազմին մէջ: Ան հաւասարեցաւ իտալացի բերդապահ Ճանլուիճի  Պիւֆոնին, որ մրցանիշ հաստատած էր  եւրոպական հաւաքականներու կազմին մէջ մրցումներու մասնակցութեան ցուցանիշով: Համաշխարհային մրցանիշը կը պատկանի եգիպտացի Ահմետ Հասանին: Ասպարէզը աւարտած Հասան 184 մրցում կատարած է Եգիպտոսի ազգային հաւաքականի տարազով: Եթէ 34-ամեայ Ռամոս 8 մրցում եւս...

Իպրահիմովիչ` Իտալիոյ  Յառաջատար Ռմբարկուն.  Ինչպէ՞ս Ան Տակաւին Ատիկա Կ՛ընէ 40 Տարեկանին

Իպրահիմովիչ` Իտալիոյ Յառաջատար Ռմբարկուն. Ինչպէ՞ս Ան Տակաւին Ատիկա Կ՛ընէ 40 Տարեկանին

Ա. Սէ. Միլան խումբը ամուր բազմած է Իտալիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքի առաջին դիրքին վրայ, մեծ մասամբ շնորհիւ թագաւոր Զլաթան Իպրահիմովիչի նշանակած կոլերուն: Իպրահիմովիչ ինչպէ՞ս տակաւին այդքան շատ լաւ է: Ինչո՞ւ վազել, երբ կրնաս թռիլ: Ասիկա այն պատգամն է, որ Իպրահիմովիչ յղեց, երբ Ուտինեզէի դէմ մրցումին, օդին մէջ պարելով եւ մկրատային հարուածով մը նշանակեց իր խումբին յաղթանակի կոլը: Շուէտ մարզիկին վերաբերող միշտ...

Ֆութպոլ.  Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Մարզուիլ.  Մխիթարեանին Չեն Արտօնած Միանալ Հաւաքականին

Ֆութպոլ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Սկսաւ Մարզուիլ. Մխիթարեանին Չեն Արտօնած Միանալ Հաւաքականին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը սկսած է պատրաստուիլ յառաջիկայ մրցումներուն: Նախապէս հրապարակուած ֆութպոլիստներու ցանկին մէջ տեղի ունեցած են փոփոխութիւններ: «Քորոնա»-ով վարակման պատճառով հաւաքականին չեն միանար բերդապահներ Արսէն Բեգլարեան եւ Անաթոլի Այվազով, յետսապահ Ռոպերթ Յակոբեան: Հաւաքականին միացած են Գանձասար-Կապանի բերդապահ Գրիգոր Մելիքսէթեան եւ Արարատ-Արմենիայի բերդապահ Վարդան Շահատունի: Գէորգ Ղազարեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան հաւաքականին միացան երէկ երեկոյեան: Այսպիսով, ազգային հաւաքականը սկսած է մարզական...

Պասքեթպոլ.  «Էն. Պի. Էյ.»-ի Մրցումները Կը Սկսին 22 Դեկտեմբերին

Պասքեթպոլ. «Էն. Պի. Էյ.»-ի Մրցումները Կը Սկսին 22 Դեկտեմբերին

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի 2020-2021 տարեշրջանի ախոյեանութեան մրցումները 22 դեկտեմբերին սկսելու վերջնական որոշումը տրուեցաւ:  18 նոյեմբերին տեղի պիտի ունենայ վիճակաձգութիւնը: Մարզիկներու համադաշնակցութիւնը ընդունած է, որ յառաջիկայ տարի տեղի պիտի ունենան 72 մրցումներ, նախորդ տարիներու 82-ին փոխարէն:

Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութեան Փոխարէն  Կը Կայանայ Անհատական Աշխարհի Բաժակ. Հայաստանի  Հաւաքականները Եւս Կը Մասնակցին

Ըմբշամարտի Աշխարհի Ախոյեանութեան Փոխարէն Կը Կայանայ Անհատական Աշխարհի Բաժակ. Հայաստանի Հաւաքականները Եւս Կը Մասնակցին

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը (UWW) որոշած  է փոխել Պելկրատի մէջ տեղի ունենալիք  Աշխարհի ախոյեանութեան ձեւը` կայացնելով Աշխարհի անհատական բաժակ, կը յայտնէ Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնը: «Մրցաշարքի ձեւի փոփոխութեան մասին յայտարարած է  Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի փոխնախագահ, Ռուսիոյ  ըմբշամարտի ֆետերասիոնի նախագահ Միխայիլ Մամիաշվիլի: Կառոյցի գործադիր խորհուրդի նիստը տեղի է ունեցած է 10 նոյեմբերին` գլխաւորութեամբ  Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնի նախագահ Նենատ Լալովիչի: Նման որոշում տալը պայմանաւորուած...

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ….

Մարզական Ծիծաղ… Ծիծաղ… Ծիծաղ….

Բարձրահասակ մարդ մը կ՛ըսէ. - Ինծի միշտ հարցուցած են, թէ ես պասքեթպոլ կը խաղա՞մ, նկատի ունենալով հասակս: Այդ հարցումը դադրած են հարցնելէ, երբ ես իրենց հարցուցած եմ, թէ իրենք մինի կոլֆ կը խաղա՞ն: Ի՞նչ կը կոչուի պասքեթպոլի մարզիկ մը, որ անուշ կը բուրէ: - Քեւին Տէոտորան: Երբ ապարանցիի մը կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ ձուկերը պասքեթպոլ չեն խաղար, ան կը պատասխանէ....

Արոնեանի Հանգանակած Գումարը Յանձնուեցաւ  Համազգային Դրամահաւաքին

Արոնեանի Հանգանակած Գումարը Յանձնուեցաւ Համազգային Դրամահաւաքին

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի նախաձեռնած «Մաթ տեռորին» խորագիրով բարեգործական նախաձեռնութեան ընթացքին հանգանակուած 1.358.000 դրամը յանձնուեցաւ  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համազգային դրամահաւաքին: Այդ մասին յայտնեց   հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան: «Տաղանդաւոր գրոսմայսթր եւ աշխարհի բաժակակիր, մեր պարծանք Լ. Արոնեան  ընկերուհիին` Անիի հետ  այցելեց հիմնադրամ եւ իր ընկերներուն հետ 8 նոյեմբերին կազմակերպած   «Մաթ տեռորին» խորագիրով բարեգործական նախաձեռնութեան ընթացքին հանգանակած 1 358 000...

Թենիս.  Ռաֆայէլ Նատալի Մրցանիշը

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալի Մրցանիշը

Թենիսի մէջ աշխարհի թիւ երկու դասուած  Ռաֆայէլ Նատալ մրցանիշ հաստատեց  Թենիսի արհեստավարժներու ընկերակցութեան (Էյ. Թի. Փի.) դասակարգման աղիւսակի լաւագոյն տասնեակին մէջ  շաբաթներ մնալու  ցուցանիշով: Այս շաբաթը սպանացի մարզիկին համար 790-րդն է Թենիսի արհեստավարժներու ընկերակցութեան լաւագոյն տասնեակին մէջ: 34-ամեայ Նատալ գերազանցեց  ամերիկացի Ճիմի Քոնըրը, որ  Թենիսի արհեստավարժներու ընկերակցութեան լաւագոյն տասնեակին մէջ եղած է 789 շաբաթ: Այդ ցուցանիշով երրորդ դիրքին վրայ է...

European football

Ֆութպոլ. Այսօրուան Միջազգային Մրցումները

Ափրիկէի ազգերու բաժակ Կինէա - Չատ Մաւրիտանիա - Հարաւային Սուտան Ք. Վերտէ - Ռուանտա Քենիա- Քոմորոս Սենեկալ - Կինէա Պիսաօ Լիպիա - Է. Կինէա Միջազգային բարեկամական մրցումներ Յունաստան - Կիպրոս Ալպանիա - Քոսովօ Մոնթենեկրօ - Ղազախստան Ռումանիա - Պիելոռուսիա Թուրքիա - Խրուաթիա Ալպանիա - Ճիպրալթար Դանիա - Շուէտ Լիւքսամպուրկ - Աւստրիա Պելճիքա - Զուիցերիա Գերմանիա - Չեխիա Իտալիա- Էսթոնիա Նետերլանտներ-...

«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի Մէջ Լիվըրփուլի Յաջորդ Մրցումի Կայացումը Վտանգուած Է

Անգլիական Լիվըրփուլի եւ դանիական Միտիուլանտի միջեւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի խմբային մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանի  խաղի կայացումը  վտանգուած է: Պատճառը «Քորոնա»-ի  նոր հիւանդութիւնն է, որ մարդոց կը փոխանցուի ջրաքիսներէն: Հիւանդութիւնը յայտնաբերուած  է Դանիոյ մէջ, ուր 9 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենար Միտիուլանտ - Լիվըրփուլ մրցումը: Եթէ անգլիական ակումբը մեկնի Դանիա, հայրենիք վերադառնալու ատեն ստիպուած պիտի ըլլայ երկշաբաթեայ  մեկուսացման ենթարկուիլ: «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի  երրորդ հանգրուանէն ետք,  Լիվրփուլը  9...

Հայաստանի Պասքեթպոլի Առաջին Դասակարգի  Ախոյեանութիւնը Առկախուած Է

Հայաստանի Պասքեթպոլի Առաջին Դասակարգի Ախոյեանութիւնը Առկախուած Է

Պասքեթպոլի Հայաստանի առաջին դասակարգի ախոյեանութիւնը անորոշ ժամանակով  առկախուած  է: «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, մեկնելով երկրին մէջ ստեղծուած կացութենէն եւ անվտանգութեան նկատառումներէն, պասքեթպոլի Հայաստանի Ա. Լիկան որոշեց կանոնաւոր առաջնութեան մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենային 10 նոյեմբերին, առայժմ անորոշ ժամանակով յետաձգել: Նոր փոփոխութիւններու պարագային կը ծանուցենք: Շնորհակալութիւն», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:  

Միհրան Յարութիւնեանի Կոչը Շուշիի Մօտէն. «Վերադառնալ Արցախ Եւ Զէնք Վերցնել»

Միհրան Յարութիւնեանի Կոչը Շուշիի Մօտէն. «Վերադառնալ Արցախ Եւ Զէնք Վերցնել»

Յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական փոխախոյեան Միհրան Յարութիւնեան Շուշիի մօտէն կոչ ուղղած է խուճապ չտարածելու, իսկ հեռացածներուն ` վերադառնալու  Արցախ եւ զէնք վերցնելու: «Եղած եմ Շուշիի տակ: Այնտեղ մարտերը կը շարունակուին: Մեր տղաները ետ կը մղեն թշնամին` չխնայելով ուժ եւ փամփուշտ: Ես ըսելիք ունիմ խուճապի մատնուածներուն եւ անոնց, որոնք սուգի մէջ են», «Ինսթակրամ»-ին մէջ գրած է Ռիօ-2016 ողիմպիական խաղերու յունահռոմէական ըմբշամարտի փոխախոյեան,...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Մեկնաբանէ  Իր Մարզիչի Հրաժարականին Մասին  Խօսակցութիւնները

Փարիզ Սեն Ժերմեն Կը Մեկնաբանէ Իր Մարզիչի Հրաժարականին Մասին Խօսակցութիւնները

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի  մարզական տնօրէն Լէոնարտօ մեկնաբանեց խումբի գլխաւոր մարզիչ Տուխելի հրաժարականին մասին խօսակցութիւնները: «Այո՛, մենք զանազան հարցեր քննարկած ենք  Տուխելի հետ, սակայն անոր հրաժարականի հարցը չէ քննարկուած: Փարիզ Սեն Ժերմեն կը վստահի Տուխելին եւ կը շարունակէ աշխատանքը անոր հետ», ըսաւ Լէոնարտօ: Նախապէս ֆրանսական լրատուամիջոցները  հաղորդած էին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը դժգոհ է Տուխելի աշխատանքէն  եւ...

«Ֆորմիւլա-1» Հրապարակեց Յաջորդ  Տարուան Մրցումային Օրացոյցը

«Ֆորմիւլա-1» Հրապարակեց Յաջորդ Տարուան Մրցումային Օրացոյցը

«Ֆորմիւլա-1» հրապարակեց  յաջորդ տարուան մրցումային օրացոյցը, կը hաղորդէ «Ֆորմիւլա-1»-ի մամոյ ծառայութիւնը: 2021 թուականին տեղի կ՛ունենայ 23 մեծ մրցանակ: Առայժմ յստակ չէ միայն չորրորդ փուլը: Ատիկա  տեղի պիտի ունենար 23-25 ապրիլին, Վիեթնամի մէջ, սակայն կազմակերպիչները հրաժարած են մրցում  կայացնել իրենց երկրին մէջ: Օրացոյցին մէջ  այլ կարեւոր փոփոխութիւն է Սէուտական Արաբիոյ մեծ մրցանակի գոյութիւնը: Գիշերային մրցումը տեղի կ՛ունենայ Ճետտա  քաղաքի  մրցուղիին վրայ:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Ֆութպոլ. Եւրոպական Ակումբներու Դասաւորումները

Անցեալ շաբաթավերջի մրցումներէն ետք պատկերը հետեւեալն է.   մրցում կոլերու տարբերութիւն կէտ ԱՆԳԼԻԱ.       Լեսթըր Սիթի 8 8 18 Թոթընհամ 8 10 17 Լիվըրփուլ 8 2 17 Սաութհամփթըն 8 4 16 Չելսի 8 10 15 ՍՊԱՆԻԱ.         Ռէալ Սոսիետատ 9 16 20 Վիարէալ 9 4 18 Աթլեթիքօ Մատրիտ 7 15 17 Ռէալ Մատրիտ 8 5 16...

Page 574 of 1279 1 … 573 574 575 … 1,279

Արխիւներ