Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան արագ ճատրակի ախոյեանութեան (Սփիտ Չես Չեմփիընշիփ) առցանց մրցաշարքին մէջ տարած յաղթանակը նուիրեց արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին:
«Վերջին օրերը ամէնէն ցաւալին էին իմ կեանքիս մէջ: Կը սգամ մեր ամբողջ ազգին հետ եւ կը խոնարհիմ մեր զոհերուն եւ իրենց ընտանիքներուն առջեւ: Նոյնպէս կը խոնարհիմ մեր մարտնչած տղաներուն առջեւ, որոնք կը շարունակեն իրենց սուրբ գործը: Կ՛աղօթեմ եւ կը հաւատամ, որ ասիկա կ՛ըլլայ պատմութեան մէջ մեր վերջին անյաջողութիւնը:
Այսօրուան յաղթանակս կը նուիրեմ արցախեան պատերազմի զոհերու յիշատակին: Կը հաւատամ, որ ասիկա կ՛ըլլայ մեր ազգին յաղթանակներու նոր սկիզբը», գրած է հայ գրոմսայսթրը:
11 նոյեմբերին Լեւոն Արոնեան յաղթանակով սկսաւ Chess.com կայքին մէջ տեղի ունեցող արագ ճատրակի ախոյեանութեան (Սփիտ Չես Չեմփիընշիփ) առցանց մրցաշարքին մէջ: Արոնեան յաղթեց ռուս Եան Նեպոմնիաշչիին եւ յաջորդ հանգրուանին պիտի մրցի ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ: