Բարձրահասակ մարդ մը կ՛ըսէ.
– Ինծի միշտ հարցուցած են, թէ ես պասքեթպոլ կը խաղա՞մ, նկատի ունենալով հասակս: Այդ հարցումը դադրած են հարցնելէ, երբ ես իրենց հարցուցած եմ, թէ իրենք մինի կոլֆ կը խաղա՞ն:
Ի՞նչ կը կոչուի պասքեթպոլի մարզիկ մը, որ անուշ կը բուրէ:
– Քեւին Տէոտորան:
Երբ ապարանցիի մը կը հարցնեն, թէ ինչո՞ւ ձուկերը պասքեթպոլ չեն խաղար, ան կը պատասխանէ.
– Է, որովհետեւ ուռկանին մէջ կը բռնուին:
Ի՞նչ կ՛ընէ պասքեթպոլի խումբի համակիր մը, երբ աւարտական մրցումին իր խումբը պարտուի:
– Փլէյ Սթէյշըն կը խաղայ:
Քո՛չ, խաղս բարելաւա՞ծ եմ:
– Այո՛, հիմա գնդակը փանիէին աւելի մօտէն դուրս կ՛ելլէ:
Պասքեթպոլի մարզիկ մը ի՞նչ կ՛ընէ, եթէ տեսողութիւնը կորսնցնէ:
Ի՞նչ վիճակի մէջ է ձեր խումբը:
– Մեր խումբը այժմ փոխանցման ժամանակի մէջ է. վատէն վատագոյնին կ՛անցնինք: