Մարզական

Կերըթ Սաութկէյթ` Վարակուած  «Քորոնա» Ժահրով

Կերըթ Սաութկէյթ` Վարակուած «Քորոնա» Ժահրով

Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Կերըթ Սաութկէյթ յայտարարեց, որ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Նախորդ շաբաթավերջին անգլիական մամուլը յայտնած էր, որ ան վարակուած է այդ ժահրով, բայց ան իր վարակման պարագան գաղտնի պահած էր իր ֆութպոլիստներէն: Սակայն, Պելճիքայի դէմ Անգլիոյ կրած պարտութենէն ետք (2-0, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարք), ան այդ լուրը պաշտօնապէս յայտարարեց: «Թէեւ ես վարակուած եմ այդ հիւանդութեամբ, սակայն...

Լուիս Սուարեզ` Վարակուած  «Քորոնա» Ժահրով

Լուիս Սուարեզ` Վարակուած «Քորոնա» Ժահրով

Աթլեթիքօ Մատրիտին մաս կազմող ուրուկուէյցի միջազգային յառաջապահ Լուիս Սուարեզ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով, այս գծով յայտնեց Ուրուկուէյի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Այս պատճառով 33 տարեկան ֆութպոլիստը իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել վաղը տեղի ունենալիք Ուրուկուէյ-Պրազիլ բաւական կարեւոր ճակատումին, որ կ’իյնայ 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ (Հարաւային Ամերիկայի գօտի): Նշուեցաւ նաեւ, որ ան պիտի չկարենայ մասնակցիլ նաեւ Պարսելոնայի եւ Վալենսիայի դէմ...

Կապառուս. «Հայ Ֆութպոլիստները  Դրսեւորեցին  Մեծ Սէր Եւ Քաջութիւն Իրենց  Երկրին Պատիւը Պաշտպանելու»

Կապառուս. «Հայ Ֆութպոլիստները Դրսեւորեցին Մեծ Սէր Եւ Քաջութիւն Իրենց Երկրին Պատիւը Պաշտպանելու»

ԵՈՒԵՖԱ Եւրոպայի երկիրներու լիկայի խմբային փուլի նախավերջին հանգրուանին Վրաստանի հաւաքականին Թիֆլիսի մէջ յաղթելէ ետք,  Հայաստանի հաւաքականի սպանացի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Կապառոս մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներուն ըսաւ. «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել Հայաստանի հաւաքականին բոլոր ֆութպոլիստներուն: Շատ միասնական խաղացինք, մեծ ջանքեր գործադրեցին: Անոնք ցոյց տուին, որ ունին մեծ սէր եւ քաջութիւն իրենց երկրին պատիւը պաշտպանելու: Մարզական մրցումներու մէջ ենք, եւ միշտ կը խաղանք...

Հայաստանի Խումբը Մոնթենեկրոյի Մէջ  Կը Մասնակցի Եւրոպայի  Երիտասարդական Ախոյեանութեան

Հայաստանի Խումբը Մոնթենեկրոյի Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Երիտասարդական Ախոյեանութեան

Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ  սկսած է բռնցքամարտի Եւրոպայի երիտասարդական  ախոյեանութիւնը, որուն նոյնպէս կը մասնակցի Հայաստանի խումբի 11 բռնցքամարտիկ` 8 տղայ, 3 աղջիկ: Առաջին օրը ռինկ բարձրացան Ռուսլան Ասլիկեան (56 քկ), Վահագն Գալուստեան (64 քկ) եւ  Հենրիկ Ճղրիկեան (91 քկ), որ պարտութիւն կրեց: Ասլիկեան եւ Գալուստեան, յաղթելով համապատասխանաբար խրուաթ եւ ռումանացի բռնցքամարտիկներուն, անցան յաջորդ հանգրուան. Վահան Գալուստեան` 1/8, իսկ Ռուսլան Ասլիկեան`...

Թենիս.  Տարուան Վերջին Մրցաշարքը.  Նատալ Յաղթանակով Սկսաւ

Թենիս. Տարուան Վերջին Մրցաշարքը. Նատալ Յաղթանակով Սկսաւ

Աշխարհի թիւ երկու դասուած Ռաֆայէլ Նատալ յաղթանակով սկսաւ Լոնտոնի մէջ կայացող տարուան վերջին մրցաշարքը: Առաջին հանգրուանին սպանացի մարզիկը 6-3, 6-4 արդիւնքով յաղթեց ռուս Անտրէյ Ռուպլիովին: Մրցումը 1 ժամ 19 վայրկեան տեւեց: Բ. խմբակի միւս խաղին, աւստրիացի Տոմինիք Տիմ յաղթեց յոյն Սթեֆանոս Ցիցիփասին: Ա. խմբակին մէջ ներառուած են աշխարհի թիւ մէկ դասուած Նովաք Ճոքովիչ (Սերպիա), Տանիէլ Մետվետեւ (Ռուսիա), Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա)...

Խաւիեր Մաչերանօ Աւարտեց  Ֆութպոլիստի Իր Ասպարէզը

Խաւիեր Մաչերանօ Աւարտեց Ֆութպոլիստի Իր Ասպարէզը

Արժանթինեան Էսթուտիանթեսի յետսապահ  Խաւիեր Մաչերանօ յայտարարեց իր ասպարէզը  աւարտելու մասին: 36-ամեայ արժանթինցին  այս տարի միացած էր  Էսթուտիանթեսին: Մաչերանօ իր ասպարէզին ընթացքին նոյնպէս մաս կազմած է Արժանթինի Ռիվըր Փլէյթին, Պրազիլի Կորինթիանսին, անգլիական Ուեսթ Համին եւ Լիվըրփուլին, քաթալոնական Պարսելոնային եւ չինական Հեպէ Չայնային: Արժանթինի հաւաքականի կազմին մէջ ան մասնակցած է  147 մրցումներու եւ նշանակած է 3 կոլ: Ազգային խումբին հետ ան 2...

Ֆութպոլ.  ԵՈՒԵՖԱ  Եուրօ 2020

ԵՈՒԵՖԱ Եւրոպայի Երկիրներու Լիկա

Այսօր տեղի ունենալիք մրցումներէն ամէնէն տաք ճակատումները կը սպասուի, որ ըլլան հետեւեալները. Խրուաթիա - Փորթուգալ           21:45 Ֆրանսա - Շուէտ                         21:45 Սպանիա - Գերմանիա               21:45 Զուիցերիա - Ուքրանիա             21:45 Իսկ վաղուան մրցումներէն(բոլորն ալ ժամը 21:45-ին). Հայաստան - Հիւսիսային Մակեդոնիա Վրաստան -  Էսթոնիա Աւստրիա - Նորվեկիա Պելճիքա - Դանիա Պոսնիա եւ Հերցեկովինա - Իտալիա Չեխիա - Սլովաքիա Անգլիա - Իսլանտա Յունաստան -...

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Պատնէշը` Ճոքի

ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Պատնէշը` Ճոքի

ԹՈՐԳՈՄ Մանկութեանս  ամէն անգամ, երբ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի մրցումներուն կը տանէին զիս, ականջիս զուարճալի  կը հնչէր մարզիկի մը անունը` Ճոքի: Ինծի շատ տարօրինակ կը թուէր այդպիսի անունով հայու մը գոյութիւնը, որովհետեւ իմ անմիջական շրջապատիս եւ դպրոցին մէջ այդ անունով մէկը չկար: Աւելի ուշ ինծի համար պարզուեցաւ, որ համակիրները զինք այդպէս կ՛անուանէին, բայց ի՞նչ էր անոր բուն անունն ու  մականունը: Մեր շրջանակէն...

Ֆութպոլ.  ԵՈՒԵՖԱ  Եուրօ 2020

ԵՈՒԵՖԱ Եւրոպայի Երկիրներու Լիկա. Հայաստան Թիֆլիսի Մէջ Յաղթեց Վրաստանի Ֆրանսա Հասաւ Աւարտական Հանգրուան Ռամոս Երկու Փենալթի Չկրցաւ Կոլի Վերածել

Ինչպէս կը սպասուէր, Եւրոպայի երկիրներու լիկայի շաբաթավերջի մրցումները բաւական հետաքրքրական եւ որակաւոր եղան: Թիֆլիսի մէջ հիւրընկալուելով` Հայաստանի հաւաքականը դաշտին տէրը դարձաւ 33-րդ վայրկեանին յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեանի փոխանցումէն ետք միջնապահ Գէորգ Ղազարեանի նշանակած կոլով: Յաջորդ յարձակումին Գէորգ Ղազարեան կրկին հարուածեց դէպի բերդ, սակայն գնդակը դպաւ հորիզոնական ձողին: 40-րդ վայրկեանին վրացիներու վճռական յարձակումը կոլի չվերածուեցաւ, երբ Հայաստանի բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքօ բացառիկ խաղարկութեամբ...

Արոնեան Կոչ Ուղղեց Չքաղաքականացնելու  Իր Արձանագրութիւնը

Արոնեան Կոչ Ուղղեց Չքաղաքականացնելու Իր Արձանագրութիւնը

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան կոչ ուղղեց չքաղաքականացնելու իր արձանագրութիւնը: Նախապէս ան կոչ ուղղած էր մասնակցելու Ազատութեան հրապարակին մէջ մոմավառութեան` ի յիշատակ հայրենիքի համար անմահացած հերոսներու: «Կ՛ուզեմ նշել, որ ինծի համար քաղաքական դիրքորոշումները ոչ մէկ կապ ունին մոմավառութեան, ատոր կայացման վայրին եւ կազմակերպիչներուն հետ: Ես նուիրուած եմ իմ ազգիս եւ միշտ պիտի շարունակեմ ըլլալ` անկախ քաղաքական իրադարձութիւններէն: Ես կը հաւատամ...

Ֆերտինանտ Կարապետեան Չեխիոյ Մէջ  Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ֆերտինանտ Կարապետեան Չեխիոյ Մէջ Կը Մասնակցի Եւրոպայի Ախոյեանութեան

Ֆերտինանտ Կարապետեան կը մասնակցի Չեխիոյ մէջ տեղի ունենալիք ճիւտոյի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Երկրէն դուրս գալու կապուած խնդիրները լուծուած են: Այդ մասին տեղեկացուց ճիւտոյի Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Յովհաննէս Դաւթեան: 19-21 նոյեմբերին Չեխիոյ մայրաքաղաք Փրակայի մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային է Թոքիոյի Ողիմպիական խաղերուն համար: Ազգային հաւաքականէն Փրակայի մէջ մրցաշարքին միայն պիտի մասնակցի 2018 թուականի Եւրոպայի ախոյեան, 73 քկ...

Հեմիլթըն Հաւասարեցաւ Շումախըրի  Մրցանիշին` «Ֆորմիւլա 1»-ի  7-րդ Ախոյեանութիւնը Նուաճելով

Հեմիլթըն Հաւասարեցաւ Շումախըրի Մրցանիշին` «Ֆորմիւլա 1»-ի 7-րդ Ախոյեանութիւնը Նուաճելով

«Մերսետես»-ի բրիտանացի վարորդ Լուիս Հեմիլթըն 7-րդ անգամ նուաճեց «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեանի տիտղոսը` հաւասարելով գերմանացի Միխայել Շումախըրին: Հեմիլթըն նուաճեց Թուրքիոյ Մեծ մրցանակը եւ ախոյեանութեան աւարտէն երեք փուլ առաջ անհասանելի դարձաւ խմբակից Վալթերի Փոթասի համար, որ գրաւեց 14-րդ դիրքը: Միայն Ֆինլանտայի ներկայացուցիչը մինչեւ այս փուլը Հեմիլթընին հասնելու տեսական կարելիութիւն ունէր:

Արսէն Յարութիւնեան. «Պատերազմը Չէ՛ Վերջացած,  Քանի Դեռ Մեր Սիրտին Հաւատքը Չէ Զիջած Իր Դիրքերը»

Արսէն Յարութիւնեան. «Պատերազմը Չէ՛ Վերջացած, Քանի Դեռ Մեր Սիրտին Հաւատքը Չէ Զիջած Իր Դիրքերը»

Ազատ ոճի ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեան Արսէն Յարութիւնեան դիմատետրեան իր էջին մէջ գրած է. «Պատերազմը չէ՛ վերջացած, քանի դեռ մեր սիրտին հաւատքը չէ զիջած իր դիրքերը... Քրիստոնեայ ազգը չի՛ կրնար կորսնցնել իր սրբատեղին: Ամէնը տակաւին յառաջիկային մէջն է»,  գրած է 20-ամեայ ըմբիշը:

Միհրան Յարութիւնեան. «Մեզ Զրկած Են  Մեր Հայրենիքը Պաշտպանելու Իրաւունքէն»

Միհրան Յարութիւնեան. «Մեզ Զրկած Են Մեր Հայրենիքը Պաշտպանելու Իրաւունքէն»

Յունահռոմէական ըմբշամարտի ողիմպիական փոխախոյեան խառն մենամարտի մարտիկ Միհրան Յարութիւնեան նոր նկարներ հրապարակած է «Ինսթակրամ»-ի իր պաշտօնական էջին մէջ` մեկնաբանելով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը: «Եղբայրնե՛ր, ցաւօք, պէտք է խոստովանիմ, որ ամէն բան չէ, որ մեր ուժերու սահմանին մէջ են: Մենք այստեղ եկած էինք` ձգելով մեր ընտանիքները, հարազատները եւ ընկերները: Այնքան մարդ զոհուած է, այնքան շատ երիտասարդներ կան, որոնք...

Ֆութպոլ.  ԵՈՒԵՖԱ  Եուրօ 2020

Ֆութպոլ. ԵՈՒԵՖԱ Եուրօ 2020

Սկովտիա 1998 թուականէն ի վեր առաջին անգամ նուաճեց ֆութպոլի մեծ  մրցաշարքի մը աւարտական հանգրուանին մասնակցելու տոմսը, երբ յաղթեց Սերպիոյ, մրցակիցին դաշտին վրայ: Մրցումը վերջ գտաւ 1-1 արդիւնքով (Սերպիա վերջին վայրկեանին նշանակեց հաւասարութեան կոլը: Մրցումը երկարաձգուեցաւ եւ աւարտեցաւ նոյն արդիւնքով: Դիմուեցաւ փենալթիներու: Սկովտիոյ մարզիկները  կոլի վերածեցին 5 փենալթիները, մինչ սերպերուն հարուածած վերջին գնդակը զսպեց Սկովտիոյ բերդապահը: «Քորոնա» համաճարակին պատճառով Եուրօ 2020-ը...

Ճատրակ. Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն (Սփիտ Չես Չեմփիընշիփ). Արոնեան Յաղթեց, Հ. Մարտիրոսեան Պարտուեցաւ

Ճատրակ. Արագ Ճատրակի Ախոյեանութիւն (Սփիտ Չես Չեմփիընշիփ). Արոնեան Յաղթեց, Հ. Մարտիրոսեան Պարտուեցաւ

Գրոսմայսթր Հայկ Մարտիրոսեան պարտութիւն կրեց Chess.com կայքին մէջ  տեղի ունեցող արագ ճատրակի ախոյեանութեան  առցանց մրցաշարքի 1/8 հանգրուանին: 20-ամեայ Մարտիրոսեան մրցեցաւ Միացեալ Նահանգներու ներկայացուցիչ Հիքարու Նաքամուրայի հետ եւ պարտուելով դուրս մնաց մրցաշարքէն: Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան մրցեցաւ ռուս Եան Նեփոմնիաշչիի հետ եւ յաղթեց 14-11 արդիւնքով: Քառորդ աւարտականին հայ գրոսմայսթրի մրցակիցը պիտի ըլլայ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ, որ յաղթած է իրանցի Նիհալ...

Ռասըլ Ուեսթպրուք Կ՛ուզէ  Հեռանալ Հիուսթըն Խումբէն

Ռասըլ Ուեսթպրուք Կ՛ուզէ Հեռանալ Հիուսթըն Խումբէն

Միացեալ Նահանգներու պասքեթպոլի (Էն. Պի. Էյ.) ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն Հիուսթընի մարզիկ Ռասըլ Ուեսթպրուք յայտնած է, որ կ՛ուզէ հեռանալ խումբէն: Կը նշուի, որ  Հիուսթընի այլ յառաջատար մարզիկ մը` Ճէյմս Հարտըն մտադիր է մնալ խումբին մէջ: 32-ամեայ Ուեսթպրուք 2019-ի յուլիսին տեղափոխուած է  Հիուսթըն: Նախապէս  ամերիկացի մարզիկը 11 տարի մաս կազմած է Օքլահոմայի: Անոր պայմանագիրը նախատեսուած է 2 տարեշրջանով եւս: Այդ ընթացքին Ուեսթպրուք...

Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան  Զտումի Մրցումներ.  Միջազգային Բարեկամական Մրցումներ  Ֆրանսան Պարտուեցաւ, Փորթուգալ 7 Կոլ Նշանակեց

Եւրոպայի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Զտումի Մրցումներ. Միջազգային Բարեկամական Մրցումներ Ֆրանսան Պարտուեցաւ, Փորթուգալ 7 Կոլ Նշանակեց

Վերջին երկու օրերուն տեղի ունեցան Եւրոպայի ազգային հաւաքականներու ախոյեանութեան մրցաշարքի զտումի կարգ մը մրցումներ, որոնք բաւական հետաքրքրական էին եւ անակնկալներով հարուստ: Ստորեւ` շարք մը արդիւնքներ.  Վրաստան - Հիւսիսային Մակեդոնիա 0-1 Հունգարիա-Իսլանտա 2-1 Իրլանտա - Սլովաքիա 1-2 Սերպիա - Սկովտիա 1-1 (4-5 փենալթիներով) Տեշան. «Մենք Լաւ Ապտակ Ստացանք»   Միջազգային բարեկամական մրցումներուն անակնկալը եղաւ Ֆինլանտայի յաղթանակը աշխարհի գործող ախոյեան Ֆրանսայի դէմ,...

Արցախի Մէջ Զոհուած Բերդապահ  Եւ Բեմադրիչ Գագիկ Աբրահամեանի Մայր.  «Երանի Անոր Եւ Միւս Նահատակներուն,  Որոնք Չեն Տեսներ` Ինչ Կը Կատարուի»

Արցախի Մէջ Զոհուած Բերդապահ Եւ Բեմադրիչ Գագիկ Աբրահամեանի Մայր. «Երանի Անոր Եւ Միւս Նահատակներուն, Որոնք Չեն Տեսներ` Ինչ Կը Կատարուի»

«Իմ որդիս յաղթած է եւ յաղթանակած գացած, հերոսաբար կռուած է եւ կեանքը նուիրած  հայրենիքի պաշտպանութեան: Երանի անոր ու միւս նահատակներուն, որոնք  չեն տեսներ` ինչ կը  կատարուի: Անոնք բոլորը յաղթած են: Այս մասին ըսաւ արցախեան պատերազմին մէջ  հայրենիքի պաշտպանութեան համար նահատակուած ֆութպոլիստ, բեմադրիչ  Գագիկ Աբրահամեանի մայրը` Ռիտա Դաւթեան: Արցախեան պատերազմին մէջ նահատակուած 19-ամեայ  Գագիկ Աբրահամեան Երեւանէն էր, Փիւնիկ  ֆութպոլի ակումբի բերդապահ,...

European football

Այսօր Տեղի Ունենալիք Մրցումներ

Մոնտիալի զտումի ճակատումներ Արժանթին - Փարակուէյ Քոլոմպիա - Ուրուկուէյ Ափրիկէի բաժակի զտումի մրցումներ Մալի - Նամիպիա Հարաւային Ափրիկէ - Սաօ Թոմ եւ Փրինսիփ Մարոք - Կեդրոնական Ափրիկէի հանրապետութիւն Թունուզ - Թանզանիա Նիկեր - Եթովպիա Նիկերիա - Սիերա Լէոնէ Միջազգային բարեկամական մրցումներ Ճափոն - Փանամա Քոսթա Ռիքա - Քաթար

Page 573 of 1279 1 … 572 573 574 … 1,279

Արխիւներ