Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արոնեանի Հանգանակած Գումարը Յանձնուեցաւ Համազգային Դրամահաւաքին

November 11, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեանի նախաձեռնած «Մաթ տեռորին» խորագիրով բարեգործական նախաձեռնութեան ընթացքին հանգանակուած 1.358.000 դրամը յանձնուեցաւ  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի համազգային դրամահաւաքին: Այդ մասին յայտնեց   հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան:

«Տաղանդաւոր գրոսմայսթր եւ աշխարհի բաժակակիր, մեր պարծանք Լ. Արոնեան  ընկերուհիին` Անիի հետ  այցելեց հիմնադրամ եւ իր ընկերներուն հետ 8 նոյեմբերին կազմակերպած   «Մաթ տեռորին» խորագիրով բարեգործական նախաձեռնութեան ընթացքին հանգանակած 1 358 000 դրամը յանձնեց հիմնադրամի համազգային դրամահաւաքին: Աւելցնեմ, որ Լեւոն եւ ընկերները կը շարունակեն հանգանակութիւնը:

Շնորհակալ ենք շարունակական աջակցութեան համար», գրած է Հայկակ Արշամեան:

Լեւոն Արոնեան իր կարգին գրած է.

«Սիրելի՛ ընկերներ,

Հպարտութեամբ կը տեղեկացնեմ, որ «Մաթ  տեռորին» նախաձեռնութեան ընթացքին  գիրքի վաճառքէն յաջողեցանք հաւաքել 1.358.000 դրամ: Վաճառքի ամբողջ հասոյթը յանձնեցինք Համահայկական հիմնադրամին: Այս արդիւնքէն  ոգեշնչուած եւ, նկատի առնելով բազմաթիւ  խնդրանքները, որոշած եմ օր մը եւս նուիրել գիրքի վաճառքին, որուն ընթացքին ես կը մակագրեմ գիրքերը: Մանրամասնութիւնները` շուտով: Կ՛ուզեմ իմ խոր շնորհակալութիւնս յայտնել մեր նախաձեռնութեան բոլոր մասնակիցներուն, կամաւորներուն եւ աջակիցներուն` Երեւանի քաղաքապետարանին, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին, Ճատրակի տան, Երեւանի պետական երաժշտանոցի քառեակին: Յատուկ շնորհակալութիւն գլխաւոր կազմակերպիչներուն` իմ ընկեր Վազգէն Աղուզումցեանին եւ սիրելի ընկերուհի Անի Այվազեանին: Հպարտ եմ մեր միասնականութեամբ»:

Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին մէջ 8  նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Լեւոն Արոնեանի եւ արցախցի գրոսմայսթր Մանուէլ Պետրոսեանի բարեգործական նախաձեռնութիւնը` «Մաթ  տեռորին» խորագիրով: Անոնք միաժամանակ մրցումներ կատարեցին` Արցախէն  եւ Հայաստանէն  ընտրուած 20 տաղանդաւոր երեխաներու  հետ:

Նոյնպէս տեղի ունեցաւ Լեւոն Արոնեանի մօր` Սեդա Արոնեանի հեղինակած «Լեւոն Արոնեան» գիրքի անուանական ստորագրումն ու վաճառքը, գոյացած  հասոյթը ամբողջութեամբ կը  յատկացուի  «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին:

 

Նախորդը

Թենիս. Ռաֆայէլ Նատալի Մրցանիշը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (11 Նոյեմբեր 2020)

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.