Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզական տնօրէն Լէոնարտօ մեկնաբանեց խումբի գլխաւոր մարզիչ Տուխելի հրաժարականին մասին խօսակցութիւնները:
«Այո՛, մենք զանազան հարցեր քննարկած ենք Տուխելի հետ, սակայն անոր հրաժարականի հարցը չէ քննարկուած: Փարիզ Սեն Ժերմեն կը վստահի Տուխելին եւ կը շարունակէ աշխատանքը անոր հետ», ըսաւ Լէոնարտօ:
Նախապէս ֆրանսական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը դժգոհ է Տուխելի աշխատանքէն եւ չ՛ուզեր շարունակել աշխատանքը անոր հետ:
Ֆրանսայի ախոյեանութեան 10-րդ հանգրուանէն ետք, Փարիզ Սեն Ժերմեն յառաջատարն է` 24 կէտով: