«Ֆորմիւլա-1» հրապարակեց յաջորդ տարուան մրցումային օրացոյցը, կը hաղորդէ «Ֆորմիւլա-1»-ի մամոյ ծառայութիւնը:
2021 թուականին տեղի կ՛ունենայ 23 մեծ մրցանակ: Առայժմ յստակ չէ միայն չորրորդ փուլը: Ատիկա տեղի պիտի ունենար 23-25 ապրիլին, Վիեթնամի մէջ, սակայն կազմակերպիչները հրաժարած են մրցում կայացնել իրենց երկրին մէջ:
Օրացոյցին մէջ այլ կարեւոր փոփոխութիւն է Սէուտական Արաբիոյ մեծ մրցանակի գոյութիւնը: Գիշերային մրցումը տեղի կ՛ունենայ Ճետտա քաղաքի մրցուղիին վրայ: