Թենիսի մէջ աշխարհի թիւ երկու դասուած Ռաֆայէլ Նատալ մրցանիշ հաստատեց Թենիսի արհեստավարժներու ընկերակցութեան (Էյ. Թի. Փի.) դասակարգման աղիւսակի լաւագոյն տասնեակին մէջ շաբաթներ մնալու ցուցանիշով:
Այս շաբաթը սպանացի մարզիկին համար 790-րդն է Թենիսի արհեստավարժներու ընկերակցութեան լաւագոյն տասնեակին մէջ:
34-ամեայ Նատալ գերազանցեց ամերիկացի Ճիմի Քոնըրը, որ Թենիսի արհեստավարժներու ընկերակցութեան լաւագոյն տասնեակին մէջ եղած է 789 շաբաթ: Այդ ցուցանիշով երրորդ դիրքին վրայ է զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (734 շաբաթ): Չեխ Իվան Լենտըլ չորրորդն է (619 շաբաթ), իսկ ամերիկացի Փիթ Սամփրաս 5-րդն է (565 շաբաթ):
Նախորդ շաբաթ Փարիզի մէջ տեղի ունեցած «Մասթըրզ»-ի մրցաշարքին մէջ Ռաֆայէլ Նատալ իր ասպարէզին 100-րդ յաղթանակը նուաճած էր: Ան հասաւ մինչեւ կիսաւարտական, ուր պարտուեցաւ գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւէն:
Ֆետերերի Վերադարձը`
Յառաջիկայ Տարի
Ռոժէ Ֆետերերի համակիրները զինք կարօտցան այս տարի: 2020 թուականին տաղանդաւոր մարզիկը մասնակցեցաւ միայն Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին եւ պատմական մրցում մը կատարեց Ռաֆայէլ Նատալին դէմ Հարաւային Ափրիկէի մէջ: Մրցումին թենիսի խաղի մը համակիրներու ներկայութեան մրցանիշ հաստատուեցաւ:
Աշխարհի նախկին թիւ մէկ դասուած Ռոժէ Ֆետերեր այս տարի երկու անգամ ծունկի վիրաբուժութեան ենթարկուեցաւ` որոշելով չարագացնել ապաքինումը եւ կանուխ աւարտել իր տարեշրջանը: 20 անգամ Կրան Շլեմի ախոյեանին ապաքինումը լաւ կ՛ընթանայ, ուրեմն ան դաշտ պէտք է վերադառնայ 2021-ի Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքին, առանց վիրակապերու: