Թրանսֆերմարքեթ ներկայացուց 21-րդ դարուն մէջ փենալթիներ ամէնէն շատ վրիպած ֆութպոլիստներու ցուցակը:
Առաջին դիրքին վրայ է Պարսելոնայի արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսին, որ 27 անգամ փենալթին չէ կրցած կոլի վերածել: Անոր կը յաջորդէ Եուվենթուսի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, նոյնպէս 27 անգամ, սակայն 35-ամեայ փորթուգալցիին վրիպումներու տոկոսը աւելի ցած է:
Հնգեակին մէջ են իտալական Ա. Էս. Ռոմայի նախկին աստղ Ֆրանչեսքօ Թոթի եւ Ա. Սէ. Միլանի շուէտացի ռմբարկու Զլաթան Իպրահիմովիչ (19-ական վրիպում) եւ Ուտինեզէի նախկին խմբապետ Անթոնիօ Տի Նաթալէ (15 վրիպում):