Անգլիական Լիվըրփուլի եւ դանիական Միտիուլանտի միջեւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի խմբային մրցաշարքի չորրորդ հանգրուանի խաղի կայացումը վտանգուած է: Պատճառը «Քորոնա»-ի նոր հիւանդութիւնն է, որ մարդոց կը փոխանցուի ջրաքիսներէն: Հիւանդութիւնը յայտնաբերուած է Դանիոյ մէջ, ուր 9 դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենար Միտիուլանտ – Լիվըրփուլ մրցումը: Եթէ անգլիական ակումբը մեկնի Դանիա, հայրենիք վերադառնալու ատեն ստիպուած պիտի ըլլայ երկշաբաթեայ մեկուսացման ենթարկուիլ:
«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի երրորդ հանգրուանէն ետք, Լիվրփուլը 9 կէտով Դ. Խմբակի առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի: