Ֆութպոլի Սպանիոյ ազգային հաւաքականի խմբապետ Սերխիօ Ռամոս, մասնակցելով Նետերլանտներու դէմ բարեկամական մրցումին, 176-րդ մրցումը կատարեց ազգային խումբի կազմին մէջ:
Ան հաւասարեցաւ իտալացի բերդապահ Ճանլուիճի Պիւֆոնին, որ մրցանիշ հաստատած էր եւրոպական հաւաքականներու կազմին մէջ մրցումներու մասնակցութեան ցուցանիշով:
Համաշխարհային մրցանիշը կը պատկանի եգիպտացի Ահմետ Հասանին: Ասպարէզը աւարտած Հասան 184 մրցում կատարած է Եգիպտոսի ազգային հաւաքականի տարազով: Եթէ 34-ամեայ Ռամոս 8 մրցում եւս կատարէ, կը հաւասարի այդ թիւին: