Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի ակումբին պաշտօնական կայքը յայտարարեց մրցումի մը մասին: Անոր յաղթականը պիտի ստանայ յատուկ մարզաշապիկ մը, որուն վրայ պիտի ըլլայ ակումբին մաս կազմող միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի ստորագրութիւնը:
Իտալական ակումբին օտար դաշտերու վրայ նախատեսուած մրցումներուն մարզաշապիկը շահելու համար պէտք է այցելել ակումբին պաշտօնական կայքը եւ հոնկէ հետեւիլ պէտք եղած ցուցմունքներուն:
Ամբողջացնելէ ետք յատուկ հարցարանը եւ պատասխանելէ ետք որոշ հարցումներու, մասնակցողներէն մէկը առիթը պիտի ունենայ ըլլալու բախտաւորը:
Նշուեցաւ, որ մրցումին մասնակցութեան վերջին ժամկէտն է 29 նոյեմբերը:
Հայաստանի ազգային հաւաքականի խմբապետ Մխիթարեան, «Քալչիօ»-ի ընթացիկ ախոյեանութեան, ցարդ իր մասնակցութիւնը բերած է 7 մրցումի, նշանակած` 3 կոլ եւ կատարած` 4 էսիսթ:
Ըստ իտալական մամուլին եւ շրջան ընող տարաձայնութիւններուն, Ա. Էս. Ռոմա շատ հաւանական է, որ նոր պայմանագրութիւն մը առաջարկէ Մխիթարեանին:



