Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին գծով ցարդ տեղի ունեցած բոլոր մրցումներէն ետք, ամէնէն շատ էսիսթ կատարած ֆութպոլիստն է Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան:
Վրաստանի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (2-1), ան նշանակուած երկու կոլերուն էսիսթը կատարելով, իր կոլերու փոխանցման ընդհանուր հաշիւը հասցուց չորսի, ինչ որ ցարդ կը նկատուի լաւագոյն ցուցանիշը` մրցաշարքին մասնակցող ազգային խումբերուն բոլոր ֆութպոլիստներուն մօտ:
Յիշեցնենք, որ արձանագրուած այդ յաղթանակին Հայաստանի հաւաքականին երկու կոլերը նշանակեցին Գէորգ Ղազարեան եւ Սարգիս Ադամեան:
Այլ գետնի վրայ, Ղազարեան, որ հաւաքականին հետ իր կատարած 73-րդ մրցումին ընթացքին նշանակեց իր 14-րդ միջազգային կոլը, այդ ցուցանիշով հաւասարեցաւ Եուրա Մովսիսեանին եւ անոր հետ կիսեց երկրորդ դիրքը` հաւաքականի բոլոր ժամանակներու ռմբաձիգներուն ցանկին մէջ: