Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ տեղի ունեցող 2022-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Պրազիլ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, երբ 2-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուրուկուէյը:
Պրազիլի կոլերը նշանակեցին Արթուր (34-րդ) եւ Ռիչարլիսոն (45-րդ): Ուրուկուէյէն Էտինսոն Քաւանի 71-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր կարգին, իր դաշտէն դուրս յաղթանակ արձանագրեց նաեւ Արժանթին, Փերուի դաշտին վրայ, նոյն արդիւնքով: Նիքոլաս Կոնզալես (17-րդ) եւ Լաութարօ Մարթինեզ (28-րդ) նշանակեցին Արժանթինի կոլերը:
Արժանթին այժմ 10 կէտով կը գրաւէ երկրորդ դիրքը:
Երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Էքուատոր 6-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Քոլոմպիան եւ ունեցաւ 9 կէտ:



