Անգլիական «Տը Թելեկրաֆ» թերթը յայտնեց, որ Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը ակումբներուն արտօնեց իւրաքանչիւր մրցումի ընթացքին հինգ փոփոխութիւն կատարել:
Անգլիական «Փրեմիեր Լիկ»-ը Եւրոպայի հինգ յառաջատար ախոյեանութիւններէն միակն էր, որ չէր արտօնած երեք փոփոխութենէն աւելի կատարել:
Նշենք, որ հինգ փոփոխութեան գաղափարին թեր արտայայտուած էին Լիվըրփուլի մարզիչ Եիւրկըն Քլոփն ու Մանչեսթըր Սիթիի մարզիչը` Եոսիփ Կուարտիոլան:
Նախքան այս որոշումին պաշտօնականացումը, «Փրեմիեր Լիկ»-ի տնօրէն` Ռիչըրտ Մասթերս առիթով մը դէմ արտայայտուած էր հինգ փոփոխութիւններու գաղափարին: