Անկախ Հայաստանի կռփամարտի աշխարհի առաջին ախոյեան Նշան Մունչեանի մեծ եղբայրը` Աշոտ Մունչեան, նահատակուեցաւ Շուշիի մէջ, այս մասին յայտնեց նոյնինքն Մունչեան:
«Քանի մը օր առաջ, Շուշիի մէջ, ազերիներուն կողմէ, իր իսկ տան մէջ սպաննուեցաւ մեծ եղբայրս` Աշոտ Առաքել Մունչեան, ծնած` 1951-ին: Նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ անոր յուղարկաւորութիւնը` Եռաբլուրի մէջ:
«Ես ու ընտանիքս կը սգանք իմ եղբօրս եւ Արցախի մէջ զոհուած բոլոր նահատակներուն յիշատակը», յայտարարեց աշխարհի նախկին ախոյեանը: