Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող յետսապահ Սերճիօ Ռամոս նախանցեալ օր կարեւոր նուաճում մը արձանագրեց «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին մէջ, երբ անոր կազմը բաւական շռնդալից յաղթանակ մը արձանագրեց` 6-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Գերմանիան:
Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը, անդրադառնալով այս մրցումին, հաղորդեց, որ 34 տարեկան Ռամոս, որ կատարեց իր 178-րդ միջազգային մրցումը, գերազանցեց Քլաուտիօ Սուարեսի մրցանիշը եւ այժմ միայն եօթը մրցումով ետ կը մնայ Սպանիոյ ազգային խումբին հետ ամէնէն շատ մրցում կատարած ֆութպոլիստէն` Ահմետ Հասանէն (184 մրցում):
Վերոնշեալ մարզաթերթը աւելցուց, որ այս պարտութիւնը Գերմանիոյ համար եղաւ ամէնէն ծանրը` 1931-էն ի վեր: