«Եու. Էֆ. Սի.»-ի մէջ հանդէս եկող Էտմեն Շահբազեան, «Ի. Էս. Փի. Էն.»-ի կողմէ ընդգրկուեցաւ 25 տարեկանէն վար 25 լաւագոյն մարտիկներու ցանկին մէջ:
22 տարեկան ամերիկահայ մարտիկը յայտնուեցաւ երկրորդ դիրքին վրայ` ետ մնալով միայն 24 տարեկան աւստրալիացի Ճիմի Քրութէն:
Իսկ 8-րդ դիրքին վրայ յայտնուեցաւ ռուսահայ Արման Ծառուկեան:
Նշենք, որ խառն մենամարտերուն, Էտմեն Շահբազեան ցարդ կատարած է 11 ճակատում, արձանագրած 10 յաղթանակ եւ կրած` պարտութիւն մը: Իսկ Ծառուկեան 12 մենամարտերու ընթացքին պարտուած է երկու անգամ: