Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտը եւս անմասն չմնաց ազրպէյճանական վայրագութիւններէն եւ ռմբակոծումներէն:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի համակիրներու «ՖԱՖ» շարժումին մամլոյ քարտուղարութիւնը հրապարակեց լուսանկարներ, որոնց մէջ բաւական ծանր վնասներ կրած են մարզադաշտին թրիպիւնները:
Նշենք, որ նախորդ տարի այս նոյն մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ չճանչցուած երկիրներու Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, ինչպէս նաեւ մրցաշարքին բացման եւ փակման հանդիսութիւնները: