Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազգերու Լիկա»-ի Ֆութպոլի Մրցաշարք. Հայաստան Յաղթեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Եւ Գրաւեց Խմբակին Առաջին Դիրքը

November 19, 2020
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` չորեքշաբթի, «Ազգերու լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան զտումի բազմաթիւ մրցումներ:

6-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքին լոյսին տակ, յստակացաւ բոլոր դասակարգերու բոլոր խմբակներուն վերջնական պատկերը:

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ մաս կը կազմէր Գ. դասակարգի Բ. խմբակին, իր վերջին մրցումը կատարեց Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ:

Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին յաղթականը եղաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ նուազագոյն հաշուով պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը եւ անկէ խլեց պարագլուխի դիրքը:

55-րդ վայրկեանին, Հայաստանի հաւաքականին միակ ու յաղթական կոլը նշանակեց Յովհաննէս Համբարձումեան: Այս կոլին էսիսթը կատարեց Վահան Բիչախչեան:

Նշենք, որ նոյն խմբակին մէջ տեղի ունեցած Վրաստան-Էսթոնիա մրցումը վերջ գտաւ ճերմակ հաւասարութեամբ:

Այսպիսով, Հայաստան 11 կէտով գրաւեց պարագլուխի դիրքը, մինչ անոր մրցակիցը նահանջեց երկրորդ դիրք (9 կէտ): Վրաստան ունեցաւ 7 կէտ, իսկ Էսթոնիա` 3 կէտ:

Հիւսիսային Մակեդոնիոյ դէմ արձանագրուած այս յաղթանակին շնորհիւ, Հայաստան յաջորդ մրցաշարքին ելոյթ պիտի ունենայ Բ. դասակարգին մէջ, ուր անոր մրցակիցները պիտի ըլլան համեմատաբար աւելի զօրաւոր հաւաքականներ:

 

 

 

Նախորդը

«Լռելեայն» Կէս-Մարաթոնի Մրցում

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.