Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեան Լիվըրփուլ այսուհետեւ իր փորձերը պիտի կատարէ նոր մարզադաշտի մը մէջ, այս մասին հաղորդեց անգլիական հանրածանօթ օրաթերթերէն «Տէյլի Մէյլ»-ը:
Ակումբին մարզումի նախկին վայրը տրամադրուեցաւ անոր երիտասարդական խումբերուն:
Նշուեցաւ, որ փորձերու համար տրամադրուած այս նոր մարզադաշտին շինութեան համար Լիվըրփուլ ծախսեց 50 միլիոն եւրօ: