Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեան, բաժակակիր, «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի տիտղոսակիր, ինչպէս նաեւ Եւրոպայի գերբաժակակիր Պայէրն Միւնիխի եւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր ՖԻՖԱ-ին կողմէ ճանչցուեցաւ իբրեւ 2020 տարուան աշխարհի լաւագոյն բերդապահը:
Տիտղոսին տիրանալու թեկնածու էին նաեւ Անգլիոյ ախոյեան Լիվըրփուլի պրազիլցի բերդապահ Ալիսոն Պեքըր եւ Աթլեթիքօ Մատրիտի սլովենիացի բերդապահ Եան Օպլաք:
Նշենք, որ 34 տարեկան Նէօյըր ճանչցուած էր նաեւ իբրեւ «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի նախորդ տարեշրջանի լաւագոյն բերդապահը: