Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Ա. Սէ. Միլան, որ մրցեցաւ Ճենովայի դէմ, անոր հետ արձանագրեց 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Այս մրցումը Ա. Սէ. Միլանի համար եղաւ «Քալչիօ»-ի 14-րդ յաջորդական մրցումը, որուն ընթացքին Սթեֆանօ Փիոլիի գլխաւորած կազմը կը նշանակէ նուազագոյնը 2 կոլ:
Յայտարարուեցաւ, որ ասիկա կը նկատուի մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ նախապէս ոչ մէկ խումբ այսպիսի արդիւնքի կրցած էր հասնիլ:
Նշենք, որ միլանեան կազմը այժմ 28 կէտով կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: