«Քալչիօ». Եուվենթուս Չկրցաւ Յաղթել Աթալանթային
Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը` Եուվենթուս, չկրցաւ յաղթել իր հիւրին` Աթալանթային, երբ անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Եուվէ բաւական մօտ էր մրցումին երեք կէտերը խլելու իր հիւրէն, սակայն փորթուգալցի միջազգային յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ մրցումին 61-րդ վայրկեանին չկրցաւ իր կազմին շնորհուած փենալթին կոլի վերածել:
Անոր խմբակից Ֆետերիքօ Քիեսա 29-րդ վայրկեանին նշանակեց Եուվենթուսի կոլը: Սակայն 57-րդ վայրկեանին Աթալանթա նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական