Այնպէս կը թուի, որ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Իսքօ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ Իտալիոյ մէջ:
«Քալչիոմերքաթօ» յայտնեց, որ Իսքոյով շատ մօտէն հետաքրքրուած են իտալական երկու խումբեր` Եուվենթուս եւ Ա. Սէ. Միլան:
Ֆութպոլիստին գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2022:
Անոր արժէքը կը գնահատուի 20 միլիոն եւրոյով:
Նշենք, որ ան 2013-էն ի վեր մաս կը կազմէ արքայական ակումբին: