Պայէրն Միւնիխի եւ Լեհաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Ռոպերթ Լեւանտովսքի (32 տարեկան), որ Վոլֆսպուրկի դէմ կատարուած մրցումին տուպլէ մը իրագործեց, յաջողեցաւ հանդիսանալ «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան երրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը` իր նշանակած ընդհանուր կոլերուն քանակը բարձրացնելով 250-ի:
«Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան լաւագոյն ռմբաձիգն է Կերթ Միւլըր, որ նշանակած է 365 կոլ: Անոր կը յաջորդէ Քլաուս Ֆիշըր (268 կոլ):