Ռուսական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ Զենիթ խումբի գլխաւոր տնօրէն Ալեքսանտր Մետվետեւ պիտի չկարենայ շարունակել իր պաշտօնը, որովհետեւ պաշտօնանկ պիտի ըլլայ ակումբին ղեկավարութեան կողմէ:
Ան արդէն իսկ դադրած է իր պաշտօնը կատարելէ: Անոր ակումբը շուտով այս գծով պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ պիտի ունենայ:
Նշենք, որ 65 տարեկան Մետվետեւ իր պաշտօնը ստանձնած էր 2019-ին: