Ըմբշամարտ. Աշխարհի Բաժակի Անհատական Ախոյեանութիւն. Արսէն Յարութիւնեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտիկ, հայրենի հաւաքականի անդամ Արսէն Յարութիւնեան երէկ ապահովեց աշխարհի բաժակի անհատական ախոյեանութեան աւարտականի իր տոմսը:
Սերպիոյ մայրաքաղաք Պելկրատի մէջ կատարուող այս մրցաշարքին, 57 քկ դասակարգին մէջ Յարութիւնեան, որ ճակատեցաւ սերպ Սթեւան Միչիչի դէմ, արձանագրեց 7-4 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այսօր` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին, աւարտականին, Յարութիւնեանի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ռուսիան ներկայացնող Ռաւուր Ուկույեւ:
Նշենք, որ նախապէս Հայաստանի յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականի անդամներ Մալխաս Ամոյեան եւ Սլաւիկ Գալստեան տիրացած էին մետալներու. առաջինը` ոսկի, երկրորդը` արծաթ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական