Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց հաւաքականներուն գլխաւոր մարզիչները եւ խմբապետները, բոլոր երկիրներու մարզիչներուն եւ խմբապետներուն նման, քուէարկեցին ՖԻՖԱ-ի տարուան լաւագոյն մարզիչի եւ ֆութպոլիստներու ցանկերուն:
Այսօր` հինգշաբթի, 17 դեկտեմբերին ՖԻՖԱ-ն պիտի հրապարակէ «Տը Պեսթ ՖԻՖԱ Ֆութպոլ Ըուորտզ»-ի բոլոր մրցանակակիրներուն անունները:
Նշենք, որ այս քուէարկութեան մասնակցեցան Հայաստանի տղոց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Խոաքին Քափարոս, խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան, ինչպէս նաեւ աղջկանց հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Մանուկ Սարգսեան եւ խմբապետ Օլկա Օսիփեան: