«Ֆութպոլ-Իտալիա» յայտնեց, որ «Ֆրանս-Ֆութպոլ» ամսագիրը իտալացի Փիերլուիճի Քոլինան ճանչցաւ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն կեդրոնի իրաւարարը:
Քոլինա, որ այժմ կը գլխաւորէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի իրաւարարներու յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը, 1988-2005 ժամանակամիջոցին եղած է իրաւարար:
Ան սուլած է «Քալչիօ»-ի 240 մրցումի, միջազգային 109 մրցումի, ինչպէս նաեւ 2002-ի Մոնտիալի աւարտականի ճակատումին: