Յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ռեսթըն» պանդոկին մէջ (Մաամըլթէյն), Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնը կատարեց 2019-2020 տարեշրջանին մրցանակաբաշխութիւնը:
Ֆետերասիոնին նախագահը` Ֆրետի Քէյրուզ, շնորհաւորելէ ետք բոլոր մրցանակակիրները, նոր տարեշրջանին գծով անոնց մաղթեց յաջողութիւն` յոյս յայտնելով, որ անոնք միջազգային գետնի վրայ ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն` բարձր պահելու համար իրենց երկրին` Լիբանանի անունը: