Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Խիմքի կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Լոքոմոթիւ Մոսկուային:
Մրցումին 26-րդ վայրկեանին, հիւրընկալ կազմին մարզիկներէն Արշակ Կորեան հանդիսացաւ կոլի հեղինակ: Ան իր կոլը նշանակեց փենալթիով:
Նշենք, որ այս մրցումը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Կորեանի համար 11-րդն էր: Ան այս տարեշրջանին ցարդ նշանակած է 4 կոլ: