ՖԻՏԷ. Արոնեան Մնաց Իր Դիրքին Վրայ
Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան պահեց իր դիրքը, Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնին` ՖԻՏԷ-ին կողմէ հրապարակուած աշխարհի նոր դասաւորման մէջ:
Արոնեան, որ 2020 տարին աւարտած էր 6-րդ դիրքին վրայ, պահեց իր դիրքը յունուար ամսուան դասաւորման մէջ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի աշխարհի նորվեկիացի ախոյեան Մակնուս Քարլսըն:
Հայաստանը ներկայացնող ճատրակ խաղացողներէն Գաբրիէլ Սարգսեան կը գտնուի 53-րդ դիրքին վրայ, Կարէն Գրիգորեան` 73-րդ, իսկ Հրանդ Մելքումեան` 79-րդ դիրքերուն վրայ:
Share This Article
CATEGORIES Մարզական