Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ Մանչեսթըր Եունայթըտին մաս կազմող ուրուկուէյցի յառաջապահ Էտինսոն Քաւանի 3 մրցումով կախակայուեցաւ` ցեղապաշտական բնոյթի գծով իր կատարած յայտարարութեան համար:
Ասկէ բացի, ան ստացաւ նաեւ 100 հազար սթերլինկի տուգանք մը, յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Սաութհեմփթընի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր Լիկ»-ի մրցումէն ետք (10-րդ հանգրուան), ան «Ինսթակրամ»-ի իր էջին վրայ պատասխանելով իր հետեւորդներէն մէկուն, ըսած էր. «Կրասիաս Նեկրիթօ» (շնորհակալութիւն` սեւ):
Ան թէեւ երեք ժամ ետք ջնջած էր այդ մեկնաբանութիւնը, սակայն արդէն իսկ զայն կարդացած էին միլիոնաւոր մարդիկ, որոնց կարգին` Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը:
Այդպիսի յայտարարութիւններու համար ֆութպոլիստներ կը կախակայուին նուազագոյնը 3 մրցումով: