Արտօնութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, Պրէյնըրզ ակադեմիան Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ (Ժիպէյլ) կազմակերպեց թրի փոյնթի եւ ցուցադրական մրցաշարք մը:
Անոր ներկայ գտնուեցան ակադեմիային հիմնադիրները` Ռեպեքա, Ռոտրիկ եւ Ռալֆ Աքըլ, ինչպէս նաեւ այլ մարզիկներ եւ մարզիկներուն ծնողները:
Մրցաշարքի աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութենէն առաջ, անոնք երեքը շնորհակալութիւն յայտնեցին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ «Սփորթց Մանիա» ընկերութեան, որոնց թափած ճիգերուն շնորհիւ մրցաշարքը յաւելեալ յաջողութիւն գտաւ:
Տեղի ունեցան տղոց եւ աղջկանց 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգի մրցումներ: