Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական Ա. Էս. Ռոմայի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան կը հանդիսանայ իր կազմին 2020 տարուան երկրորդ լաւագոյն ռմբաձիգը:
Ան ընդամէնը մասնակցած է 36 մրցումի եւ նշանակած 14 կոլ:
Առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Էտին Ծեքօ, որ 36 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ:
Լաւագոյն եռեակին մէջ է նաեւ Ճորտըն Վերեթու, որ 38 մրցումի ընթացքին նշանակած է 13 կոլ: