Հայկական ճատրակի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, «Էրթինկզ Մասթըրզ» ճատրակի առցանց մրցաշարքի քառորդ աւարտականի երկրորդ ռաունտին եւս յաղթանակ արձանագրելով ամերիկացի Հիքարու Նաքամուրայի դէմ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը:
Արոնեան յաղթանակ արձանագրեց երկու մրցումներուն: Առաջին ռաունտին Արոնեան արձանագրած էր յաղթանակ մը եւ երեք ճակատում աւարտած` հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ «Էրթինկզ Մասթըրզ»-ը «Չեմփիընզ Չես Թուր» մրցաշարքին երկրորդ հանգրուանն է: Անիկա վերջ կը գտնէ 3 յունուարին:
Տիտղոսակիրը կը ստանայ 60 հազար ամերիկեան տոլար պարգեւավճար եւ իրաւունք կը ստանայ մասնակցելու սեպտեմբեր 2021-ին կատարուելիք «Կրանտ ֆայնըլ»-ի մրցաշարքին: