Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 15-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ Հռոմի մէջ հիւրընկալեց Սամտորիան, 2021 տարին սկսաւ յաղթանակով, երբ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին կոլը նշանակեց պոսնիացի յառաջապահ Էտին Ծեքօ (72-րդ վայրկեանին)` տեղացող զօրաւոր անձրեւուն տակ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Միլանօ քաղաքի երկու խումբերը` Ինթեր Միլան եւ Ա. Սէ. Միլան, յաջորդաբար` Քրոթոնէի (6-2) եւ Պենեվենթոյի (2-0) դէմ: