Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ շուէտական Կէօթըպորկի յետսապահ Անտրէ Քալիսիր շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը աւարտէ Յունաստանի Սուփըրլիկային մէջ:
Յունական մամուլին համաձայն, 30 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Ափոլոն Սմիրնիս ակումբը: Ըստ յունական կարգ մը մարզական օրաթերթերու, ան արդէն իսկ կը գտնուի Աթէնքի մէջ (Յունաստան), ուր կը քննարկէ իր ստորագրելիք պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները:
Նշենք, որ Յունաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 13-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Ափոլոն Սմիրնիս 12 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 11-րդ դիրքը (14 խումբերուն մէջ):