«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կազմեց «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի բոլոր ժամանակներու դասաւորման պատկերը:
Այդ ցանկին մէջ է նաեւ Արարատ, որ 10 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 213-րդ դիրքը, յայտնեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Ներկայացուած է նաեւ Արարատի վիճակագրութիւնը:
Երեւանեան ակումբը մրցաշարքին մասնակցած է միայն մէկ անգամ եւ արձանագրած հետեւեալ արդիւնքը. 5 յաղթանակ, ոչ մէկ հաւասարութիւն, 1 պարտութիւն: Անիկա նշանակած է 14 կոլ եւ իր բերդին մէջ ստացած 5 կոլ:
Նշենք, որ հայկական խումբը այս մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերաւ 1974-1975 տարեշրջանին եւ հասաւ մինչեւ քառորդ աւարտականին, ուր պարտուեցաւ Պայէրն Միւնիխէն:
Հայկական այլ կազմ մը` Ալաշկերտ, կը գրաւէ 244-րդ դիրքը: