Նիքոլա Եոքիչ Մրցանիշ Մը Հաստատեց
Նակեթցի Հետ
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ կատարուած մրցումներուն, Միլուոքի Պաքս, որ հիւրը եղաւ Մայեմի Հիթին, արձանագրեց 144-97 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս մրցումին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութեան մէջ հաստատուեցաւ նոր մրցանիշ մը` նկատի ունենալով, որ յաղթական կազմին մարզիկները նշանակեցին 29 թրի փոյնթ: Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Հիուսթըն Ռոքեթցին, որուն մարզիկները 2019-ին նշանակած էին 27 թրի փոյնթ:
Երէկուան մրցումներուն, Տենվըր Նակեթցի սերպ մարզիկ Նիքոլա Եոքիչ իր ակումբին հետ հաստատեց նոր մրցանիշ մը, հակառակ անոր որ անոր կազմը պարտութիւն մը կրեց Սաքրամենթօ Քինկզի դաշտին վրայ` 125-115 արդիւնքով:
25 տարեկան Եոքիչ, որ նշանակեց 26 կէտ, 12 էսիսթ եւ 11 ռիպաունտ, այսպիսով Նակեթցի հետ կատարեց իր 44-րդ թրիփըլ տապըլը` կոտրելով նախկին մրցանշակիրին` Ֆեթ Լիվըրի մրցանիշը, որ Նակեթցի հետ իրագործած էր 43 թրիփըլ տապըլ: